로그인

디도서 1장 Western NT

바울서신 · Titus · Western NT · 16절

절 보기

디도서의 첫 장으로, 바울이 디도에게 인사하고 그레데 각 성에 장로를 세우는 기준과 거짓 교사를 엄히 꾸짖으라는 지침을 전하는 내용이다.

절 바로가기

1디도서 · Western NT
1Պօղոս, Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ համաձայն Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքին ու բարեպաշտութեամբ եղած ճշմարտութեան գիտակցութեան,
2յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ
3- բայց յատուկ ատենին իր խօսքը բացայայտեց քարոզութեամբ՝ որ վստահուեցաւ ինծի մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանով - ,
4Տիտոսի՝ հարազատ զաւակիս հասարակաց հաւատքին համեմատ. շնորհք եւ խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝ մեր Փրկիչէն:
5Ես ձգեցի քեզ Կրետէ, որպէսզի ուղղես բոլոր պակաս մնացած բաները ու երէցներ նշանակես ամէն քաղաքի մէջ՝ ինչպէս պատուիրեցի քեզի. 해설
6եթէ մէկը ըլլայ անմեղադրելի, մէկ կնոջ ամուսին, եւ ունենայ հաւատարիմ զաւակներ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ ըմբոստ չըլլան:
7Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,
8հապա՝ հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ,
9հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէսզի կարենայ թէ՛ յորդորել ողջամիտ վարդապետութեամբ, թէ՛ կշտամբել հակաճառողները:
10Քանի որ շատ են ըմբոստները, դատարկախօսներն ու հրապուրողները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ թլփատութենէն են:
11Պէտք է պապանձեցնել զանոնք. անոնք կը կործանեն ամբողջ տուներ, եւ կը սորվեցնեն անպատեհ բաներ՝ ամօթալի շահախնդրութեան համար:
12Անոնցմէ մէկը՝ իրենց սեփական մարգարէն՝ ըսած է. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»:
13Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. ուստի սաստիկ կշտամբէ՛ զանոնք, որպէսզի առողջանան հաւատքին մէջ,
14ուշադրութիւն չդարձնելով հրէական առասպելներուն ու ճշմարտութենէն խոտորող մարդոց պատուէրներուն:
15Մաքուրներուն՝ ամէն բան մաքուր է. բայց պիղծերուն եւ անհաւատներուն՝ ոչինչ մաքուր է, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են:
16Կը դաւանին թէ կը ճանչնան Աստուած. բայց կ՚ուրանան զայն իրենց գործերով, ըլլալով գարշելի եւ անհնազանդ, ու խոտելի՝ ամէն բարի գործի հանդէպ:

Western NT
절을 누르면 복사·공유·형광펜·메모를 쓸 수 있습니다. 점선 낱말은 교회백과 문서로 이어집니다.

이 장에 16절
1 / 3장

본문은 Western NT(아르메니아어) — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) 형광펜·메모·읽은 표시는 판과 상관없이 같은 장에 함께 남습니다. 점선이 그어진 낱말은 교회백과에 문서가 있는 인물·지명·용어입니다(한 화면에 한 번씩만 표시). 형광펜·메모·읽은 표시는 이 브라우저에만 저장되며 내 표시에서 모아 볼 수 있습니다.

이 장의 구절 해설 문서 1

이 장을 언급한 문서

더 보기