1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ Աստուծոյ կամքով, կեանքի խոստումին համաձայն՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է,
2Տիմոթէոսի՝ սիրելի զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն:
3Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,
4տենչալով տեսնել քեզ, եւ յիշելով արցունքներդ, որպէսզի լեցուիմ ուրախութեամբ,)
5երբ կը մտաբերեմ քու մէջդ եղած անկեղծ հաւատքը, որ նախ բնակեցաւ մեծ մօրդ՝ Լաւոդեայի ու մօրդ՝ Եւնիկէի մէջ, եւ համոզուած եմ թէ քու մէջդ ալ կայ:
6Ուստի կը վերյիշեցնեմ քեզի՝ որ արծարծես Աստուծոյ շնորհը, որ տրուեցաւ քեզի՝ երբ ձեռնադրեցի քեզ.
7որովհետեւ Աստուած տուաւ մեզի ո՛չ թէ երկչոտութեան՝ այլ զօրութեան, սիրոյ ու խոհեմութեան Հոգին:해설
8Ուրեմն մի՛ ամչնար մեր Տէրոջ վկայութեան համար, ո՛չ ալ ինծի՝ անոր բանտարկեալին համար. հապա մասնակցէ՛ աւետարանին չարչարանքներուն՝ Աստուծոյ զօրութեան համեմատ:
9Ան փրկեց մեզ եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ո՛չ թէ մեր գործերուն համեմատ, հապա՝ իր առաջադրութեան ու շնորհքին համաձայն, որ Քրիստոս Յիսուսով տրուեցաւ մեզի՝ դարերու ժամանակներէն առաջ,해설
10բայց հիմա բացայայտուեցաւ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երեւումով: Ան ոչնչացուց մահը, եւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը՝ աւետարանով,
11որուն նշանակուեցայ քարոզիչ, առաքեալ, եւ հեթանոսներու վարդապետ:
12Այս պատճառով ալ կը կրեմ այս չարչարանքները. բայց չեմ ամչնար, որովհետեւ գիտեմ թէ որո՛ւն հաւատացած եմ, ու համոզուած եմ թէ ան կարող է պահել իմ իրեն յանձնած աւանդս մինչեւ այն օրը:
13Ամո՛ւր բռնէ տիպարը այն ողջամիտ խօսքերուն՝ որ լսեցիր ինձմէ, հաւատքով եւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղած սիրով:
14Պահէ՛ այդ բարի աւանդը Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ կը բնակի մեր մէջ:
15Սա՛ գիտես, թէ ինձմէ երես դարձուցին բոլոր անոնք՝ որ Ասիա էին. ասոնցմէ՛ են Փիգեղոս եւ Հերմոգենէս:
17հապա՝ երբ եկաւ Հռոմ՝ փութաջանութեամբ փնտռեց զիս եւ գտաւ:
18(Տէրը շնորհէ իրեն՝ որ այն օրը ողորմութիւն գտնէ Տէրոջմէն.) ու դուն շատ լաւ գիտես թէ ո՛րչափ սպասարկեց ինծի Եփեսոսի մէջ ալ:
Western NT 절을 누르면 복사·공유·형광펜·메모를 쓸 수 있습니다. 점선 낱말은 교회백과 문서로 이어집니다.
이 장에 18절
1 / 4장
본문은 Western NT(아르메니아어) — getbible.net(CrossWire SWORD 모듈)에서 가져옴 · 라이선스: 공개 도메인 (Public Domain) 형광펜·메모·읽은 표시는 판과 상관없이 같은 장에 함께 남습니다. 점선이 그어진 낱말은 교회백과에 문서가 있는 인물·지명·용어입니다(한 화면에 한 번씩만 표시). 형광펜·메모·읽은 표시는 이 브라우저에만 저장되며 내 표시에서 모아 볼 수 있습니다.